Search
Close this search box.

«Շարական»-ը՝ աշխարհաբար. թարգմանեց՝  Եփրեմ Արքեպիսկոպոս Թապագեան

Գրեց՝ ՆՈՐՎԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ

 

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «ՇԱՐԱԿԱՆ»-ի աշխարհաբարի թարգմանութիւնը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երէց միաբաններէն՝ Գերաշնորհ Տէր Եփրեմ Արքեպիսկոպոս Թապագեանի կողմէ, կարելի է ըսել հոյակապ իրագործում մըն է։ 

Լայնածաւալ այս աշխատութիւնը արժանացած է արդէն 4-րդ հրատարակութեան, ինչ որ ցոյց կու տայ բարեպաշտ հասարակութեան մօտ գործին գտած ընդունելութեան չափանիշը։

1955-ին Անթիլիասի Դպրեվանքը ընդունուած պատանի Յակոբ Թապագեանը, տարիներ վերջ Եփրեմ Աբեղան, աբեղայական տարիներուն իսկ կը դրսեւորէ իր մէջ կազմակերպչական կարողութիւններ, որոնք աննկատ չեն առնուիր օրուան Հայրապետին՝ Երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոսին կողմէ, որ անոր կը վստահի Սպահանի թեմին առաջնորդութիւնը։ Առաքելութիւն մը, որ Եփրեմ Վարդապետ, ձեռնհասօրէն կը վարէ մի քանի տարի, ապա օգտուելով կրթաթոշակէ մը, 1968-ին կու գայ Փարիզ ուսանելու։ Կ՚արձանագրուի Փարիզի Կաթողիկէ Աստուածաբանական Համալսարանի դասընթացքներուն։

Եփրեմ Սրբազանի ուսանողական տարիներուն, ըսենք ճիշդ 68-ական թուականներուն պիտի սկսի մեր բարեկամութիւնը։ 

Եփրեմ Արքեպիսկոպոս Թապագեան

Ընդհանուր գիտելիքներու տէր՝ դաւանաբանական, եկեղեցագիտական, կանոնագիտական առարկաներու, բայց եւ այնպէս իր հետաքրքրութիւնը շեշտուած պիտի մնար դէպի հայ եկեղեցական մատենագրութիւնը։ Սիրահար մըն էր հայ կրօնական գեղարուեստական գրականութեան։ Ի զուր չէ որ դոկտորական մասնագիտութեան համար պիտի ընտրէր Ընդհանուր Աստուածաբանական պատմութեան ընդմէջէն հայրաբանական ճիւղը։ Գրասէր իր խառնուածքը պիտի մղէր զինք դոկտորական թեզի իբրեւ նիւթ ընտրելու Յովհաննէս Մանդակունիի «Ճառեր»-ը։ Մինչ այդ ի չգոյէ, Համալսարանը կը պահանջէր այդ ճառերուն ֆրանսերէնը։ Ուստի թարգմանչական ստիպողութիւն մը։ Յաւելեալ աշխատանք։ Կը լծուի այդ աշխատանքին, ապա այդ «Ճառեր»-ուն վրայ աւարտաճառը յաջողապէս պաշտպանելէ ետք կը վկայուի եւ կը ստանայ դոկտորական վկայականը։

Յովհաննէս Մանդակունիի ճառերուն ֆրանսերէն թարգմանութիւնը հետագային հրատարակուեցաւ եւ այսօր կ՚օգտագործուի դասախօսներու կողմէ, որոշ համալսարաններու մէջ։ Օրինակ, Լիոնի Կաթողիկէ Համալսարանի «Հայ Աստուածաբանութեան» բաժանմունքը, հիմնուած՝ 1987-ին, կիրարկած է զայն։ Ինչպէս կը տեսնէք, Եփրեմ Սրբազան գրաբարեան բնագրեր թարգմանելու ճաշակը պիտի առնէր Մանդակունիի ճառերու թարգմանութեամբ։

Սրբազանի թարգմանչական աշխատանքին գլուխ-գործոցը կարելի է համարել «Շարական»-ի աշխարհաբարի թարգմանութիւնը։ Եփրեմ Սրբազան երկար տարիներու վաստակ ունի մեր եկեղեցւոյ հովուական առաքելութեան անդաստանէն ներս, վարած է զանազան պաշտօններ ծխական եւ թեմական, մա՛նաւանդ տարիներ շարունակ մեծ խանդով վարած է Գալիֆորնիոյ թեմի առաջնորդի պաշտօնը։ Իր գլխաւոր մտահոգութիւնը եղած է միջոցներ գտնել, հոգալու համար անմիջական կարիքները բարեպաշտ ժողովրդեան հոգեւոր կեանքի սնուցման։

Սորված է պատմութենէն թէ ժամանակին ինչպէ՞ս բարեպաշտներու խումբեր կը հետեւէին, գիշերային-առաւօտեան եւ կամ երեկոյեան ժամերգութիւններուն եւ իրենց հոգեւոր սնունդը կը քաղէին Շարականի ակունքէն։ Կը տեսնէր նաեւ այդ բոլորին չքացումը սփիւռքեան այսօրուան պայմաններուն մէջ։ Շարականը աշխարհաբարի թարգմանելու ծրագիրը կը յղանայ հոգեսնունդի պահանջքին գոհացում տալու հոգէն մղուած, շնորհիւ միաբանակից կրտսեր եղբօր մը թելադրութեան, որուն հետ կը բաժնէր Հայ Եկեղեցւոյ առնչուած ցաւոտ հարցեր։ 

Յայտնի է որ հըսկայական այս ծրագրի իրագործումը պահանջած է լուրջ եւ լարուած աշխատանք։ Բայց ամէնէն կարեւորը… Գործը պսակուած է յաջողութեամբ։

Թարգմանութիւնը կը հետեւի գրաբարեան բնագրի կանոնակարգին եւ ասոր շարահիւսութեան։ Ինչ որ շատ լաւ մտածուած է, այն է թէ գրաբար բնագիրը եւ աշխարհաբար թարգմանութիւնը դէմ-դիմաց դրուած են, ասիկա կարելիութիւն կ՚ընձեռէ ընթերցողին յարաբերելու նաեւ բնագրին հետ հարազատօրէն, բաղդատական ամէն գնահատանքէ առաջ։ Գրաբարեան բնագրին հոն դրուիլը ուրիշ առաւելութիւն մըն ալ ունի. բանաստեղծական ռիթմով գրուած այդ աղօթքները առանց ձայնային, երաժշտական յօրինումի չկան։ Ասիկա առիթ կու տայ ընթերցողին ճանչնալու կրկնակի արժէքը Հայ Եկեղեցւոյ Շարականին որ Աղօթարան մըն է, ուր ամուսնացած են բանաստեղծութիւնն ու երաժշտութիւն-ձայնը։ Առանց մէկուն՝ միւսը չկայ, երկուքը մէկ մարմին եղած են։ Աշխարհաբար Շարականը ուրեմն ամուսնալուծեա՞լ Շարական պէտք է համարել, քանի որ բացառուած է այս վերջնոյն հագուեցնել ձայնային-երաժշտական յօրինուածքը։ Ճիշդ կրնար ըլլալ ասիկա, եթէ թարգմանուած Շարականը արարողութեանց կիրարկման դրուելու սահմանուած ըլլար։ Բացայայտ է որ այդ չէ թարգմանիչին մտահոգութիւնը, հրամայակա՞նը… Թարգմանութեամբ վերադառնալն է դէպի բնագիր, դէպի ակունք եւ փոխանցել ժառանգորդին, հարազատ, բուն աւանդը, ժառանգին իսկականը։

Որպէս մատենագիտական ծանօթութիւն շարականներու մասին, օգտակար է հակիրճ մէջբերում մը կատարել հատորին սկիզբը տեղադրուած, Դոկտ. Զաւէն Ա. Քահանայ Արզումանեանի գրութենէն հատուած մը։

«Հարուստ է Հայ Եկեղեցին իր հոգելից Շարականներով։ Անոնք Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան կարեւոր մէկ ակնաղբիւրը կը կազմեն Ժամապաշտութեան կողքին։ Քրիստոսի Անձին, Սուրբ Հոգիին ու Սուրբ Երրորդութեան նուիրուած ընդարձակ ու աստուծաբանական հիմունքներով վաւերական հոգեւոր երգերը, Սուրբ Գրական ու հայրաբանական գրականութեան հայելին կազմող իրենց հրաշապատում բանաստեղծութիւններովը։ Անոնք գրուած են հետզհետէ եռամեծ հայրապետներու ու վարդապետներու կողմէ տասը դարերու երկար ժամանակաշրջանի ընթացքին, 5-րդ դարէն 15-րդ դար, ուռճացնելով ու յաւէտ պահպանելով Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ ազգային ինքնուրոյնութիւնը։ … (Անոնք) ինքնատիպ ստեղծագործութիւններ (են) որոնց հեղինակները մեծ մասամբ անունով եւ հանգամանքով ծանօթ եղած են մեր պատմութեան ընթացքին»։ Ինչպէս՝ Մեծն Մեսրոպ, Սուրբն Իսահակ, Մովսէս Քերթող, Խորենացի, Յովհան Օձնեցի, Կոմիտաս Աղցեցի, Յովհան Մանդակունի, Ներսէս Շնորհալի եւ այլք։ 

Կան բնագրեր, զորս դիւրին եղած է տառացիօրէն թարգմանել, ինչպէս Ապաշխարութեան շարականները եւ պահել կարելի եղածին չափ լեզուական գեղեցկութիւնը։ Ճաշակ մը տալու համար, մէջբերենք.-

(1) «Հայր բազումողորմ խոստովանիմ առ քեզ որպէս զանառակ որդին. թող ինձ ըզմեղս իմ, եւ ողորմեա»։ Թրգմ.՝ «Բազումողորմ Հայր, անառակ որդիին նման կը խոստովանիմ քեզի, ներէ ինծի իմ մեղքերս եւ ողորմէ»։ 

(2) «Տէր որ գթացար ի կինըն քանանացի, գթա եւ յիս ի մեղաւորս, եւ ողորմեա»։ Թրգմ.՝ «Տէր, դուն որ քանանացի կնոջ գթացիր,ինծի, մեղաւորիս ալ գթա եւ ողորմէ»։

(3) «Տէր որ դարձուցեր ըզմաքսաւորն ի գիտութիւն ճշմարտութեան, դարձո եւ զիս ըզմոլորեալս, եւ ողորմեա»։ Թրգմ.՝ «Տէր, դուն որ մաքսաւորը ճշմարիտ գիտութեան վերադարձուցիր, զիս, մոլորածս ալ վերադարձուր եւ ողորմէ»։

Կան անշուշտ որոշ կանոններ կամ աղօթքներ, որոնք քիչ մը աւելի բանաստեղծական խրթին ոճով գրուած են, բայց թարգմանութիւնը յաջողած է պահել լեզուական սահունութիւնը եւ գեղեցկութիւնը։

Կան նաեւ այսպիսի տողեր.– «Որ հոգւովդ քով սրբով ծանուցար քո արարածոցս. որ ԷՆԴ եւ ԵՍԴ եւ ԷԴ աստըւած»։ Թրգմ.՝ «Սուրբ Հոգիիդ միջոցաւ արարածներուդ ճանչցուեցար թէ դուն Աստուած էիր, ե՛ս, եւ պիտի մնաս»։ 

Զգալ պէտք է «էնդ»-ին անցեալ անկատար եւ «էդ»-ին ապառնի ժամանակին նրբութիւնը։ Տարիներ առաջ երբ չկար աշխարհաբար Շարական, տարբեր ձեւով մտքիս մէջ թարգմանած էի այդ տողը ինքզինքիս համար։ «Դուն այն ես, որ Էն Աստուածն է»։ Չէի զգացած «եւ»-երուն նրբութիւնը։

Գերաշնորհ Տ. Եփրեմ Արքեպիսկոպոս Թապագեան այս աննախընթաց, հսկայական գործով կը փորձէ սահմանել թէ իրեն համար թարգմանելը… Աւետարանել է։

Հետաքրքրական է իմանալ թէ ինչո՞ւ Սրբազանը «Օրհնութիւն», «Օրհնել» բառերէն խուսափած է եւ փոխարինած է զանոնք «Բարեբանել»-ով։ Գրեթէ չի գործածեր այս բառերը աշխարհաբարին մէջ։ Լաւ կ՚ըլլար՝ գրքին սկիզբը բացատրութիւն մը դրուած ըլլար։ Աստուածաշունչը աշխարհաբարի թարգմանողները, օրինակի համար, եղածին պէս պահած են այդ բառերը ինչպէս արեւմտահայերէնին- նոյնպէս ալ արեւելահայերէնին մէջ։ Նարեկացիի, Ներսէս Շնորհալիի թարգմանիչները, նոյնպէս՝ փոխարինած չեն երբեք «օրհնութիւն» բառը այլ բառով։ Մա՛նաւանդ երբ նկատի ունենանք թէ Շարականը հիմնուած է օրհներգութիւններու վրայ։ 

«Օրհնեալ»-ին կը հանդիպինք հազուադէպօրէն, շատ քիչ անգամ, ինչպէս «Կանոն Ծաղկազարդի» բաժնին մէջ։ Բայց եւ այնպէս, այս դիտարկութիւնը չի նսեմացներ ամենեւին գործին փայլը, պարզապէս, ըստ մեզի, նախընտրելի պիտի ըլլար չփոխարինել զայն այլ հոմանիշով։

Շարականը իր աշխարհաբար թարգմանութեամբ այսօր եթէ գործնապէս կիրարկուի հասարակական կեանքի մէջ, մեծապէս պիտի նպաստէ մշակելու, ազնուացնելու բարեպաշտ հաւատացեալներու հոգիները, այլապէս՝ դատապարտուած պիտի մնայ գրադարան զարդարելու։ Աստուծոյ Խօսքը փոխանցելու տեսակէտէն բացառիկ դեր կրնայ խաղալ Հայ Շարականը երբ կազմակերպուի անոր կիրարկման ձեւը։ Ձեւերը քանի մը տեսակ կրնան ըլլալ։ Թեմերու առաջնորդներուն կամ ծուխերու հովիւներուն պարտքն է գտնել ձեւը եւ կազմակերպել անոր կիրարկման եղանակները։ Մանաւանդ գրաբարի անգիտութիւնը արգելք մը չէ այլեւս, շնորհիւ անոր աշխարհաբարի գոյութեան։

Ս. Էջմիածնի, Անթիլիասի, Երուսաղէմի դպրեվանքերուն մէջ շարականագիտութիւնը անպայմանօրէն կրթական ծրագրին մաս կը կազմէ։ Ութ ձայներու վրայ կառուցուած մեղեդիները գոց կը դասաւանդուին։ Չեմ գիտեր ներկայիս, եթէ բնագրային բովանդագիտութեան յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի՞…։ Դասընթացք հաստատուա՞ծ է։ Մեր ուսանողական տարիներուն այդ մէկը կը բացակայէր։ Այլապէս ներկայ ժամանակներուն բնագրային բովանդակութեան ուսուցման դասընթացքը անհրաժեշտութիւն է իւրացնելու համար Շարականի ամբողջ աշխարհահայեացքը։ Իսկ հոյակապ գործիք մըն է Շարականի աշխարհաբար թարգմանութիւնը, բնագիրը ուսուցանելու համար։

Վերջապէս Գերաշնորհ Տ. Եփրեմ Արքեպիսկոպոս Թապագեան, մինակը փորձած է իրագործել ակադեմական հսկայ աշխատանք մը։ Գործը եթէ ունի թերութիւններ՝ բնական է, որովհետեւ այսպիսի հսկայական նախաձեռնութիւն մը կարելի է իրագործել միայն էնսթիթիւսիոնիէլ՝ խմբային աշխատանքով։

Թերութիւնները քննադատելէ առաջ, պէտք է բարի ըլլալ զանոնք ուղղելու, թարգմանիչին բարձր ուշադրութեան յանձնելով սրբագրութեան կարօտ սխալները, եթէ կան։ 

Հայ Շարականի աշխարհաբար թարգմանութիւնը երեւոյթ է կրօնական այս օրերու մատենագիտութեան մէջ։

Փարիզ, 3 Յուլիս 2022 ■