Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան ընդունած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի նախագահ Պետրոս Թերզեանը: Ողջունելով վերջինիս ներդրումը Արցախի ենթակառոյցներու զարգացման գործին մէջ՝ նախարարը, մասնաւորապէս, նշած է.-
“Սփիւռքի հետեւողական մասնակցութիւնը թէ՛ բարեսիրական եւ թէ՛ տնտեսական ծրագրերուն՝ համազգային միասնութեան ու Արցախը հայկական պահելու առհաւատչեան է: Ուստի, կը ցանկանայի շնորհակալութիւն յայտնել ձեզ Արցախի խնդիրների նկատմամբ մշտապէս ցուցաբերուող սրտացաւ վերաբերմունքի համար: Համոզուած եմ, որ իւրաքանչիւր Հայ պէտք է իր ներդրումն ունենայ Արցախի վերականգնման ու զարգացման գործում”:
Իր կարգին, Պ. Թերզեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ա. Բեգլարեանին ջերմ ընդունելութեան համար եւ յայտնած իր պատրաստակամութիւնը աշխատելու տարիներէ ի վեր ձեւաւորուած համագործակցութիւնը խորացնելու ուղղութեամբ: Ան տեղեկացուցած է, որ յառաջիկային կը նախատեսուի ընդլայնել գործունէութեան դաշտը:
Կողմերը անդրադարձած են նաեւ Արցախի առկայ կարիքներուն և «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին առնչուող հարցերուն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։