Չորեքշաբթի, Յուլիս 20-ին Ազգային երախտաշատ բարերար հոգելոյս Գալուստ Կիւլպէնկեան պիտի ոգեկոչուի։ Գալուստ Կիւլպէնկեան, որ կեանքի վերջը անցուցած է Փորթուկալ, վառ հետքեր թողած է նաեւ այդ երկրի հասարակութեան հաւաքական յիշողութեան մէջ։ Այս առումով խորհրդանշական է Լիզպոնի համանուն հիմնարկը, որ թէեւ ունի Հայկական համայնքներու բաժանմունք մը, սակայն, ըստ էութեան, Փորթուկալեան հաստատութիւն մըն է իր ամբողջութեան մէջ։ Այս բոլորի հիման վրայ Գալուստ Կիւլպէնկեան ամէն տարի մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով կ՚ոգեկոչուի այդ երկրին մէջ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Լիզպոնի կաթողիկէ մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ ոգեկոչումը։
Ողբացեալ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ի յիշատակ նախատեսուած հոգեհանգստեան պաշտօնին պիտի մասնակցի նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մնայուն ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։