Search
Close this search box.

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզախաղերու մասնակիցներուն այցելութիւնը Եռաբլուր նահատակաց պանթէոն

Յուլիս 21-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու յայտագրերը ընթացք առած են Եռաբլուր նահատակաց պանթէոն այցելութեամբ։

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան (ԿՎ) անդամներու առաջնորդութեամբ եւ մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի ուղեկցութեամբ, բոլոր մասնակիցները Եռաբլուրի մէջ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցած են եւ ոգեկոչած հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրական պատնէշին վրայ ինկած բոլոր հերոսներուն յիշատակը։  Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ԿՎ-ի անունով ատենապետ Վաչէ Նաճարեան յարգանքի ծաղկեպսակ մը զետեղած է նահատակաց պանթէոնի կեդրոնական յուշաքարին առջեւ։

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ընտանիքին անունով խօսք առած է ԿՎ-ի ատենադպիր Վիգէն Աւագեան եւ յայտնած, որ՝ «Եռաբլուրը հայ մարդուն համար սրբատեղի է։ Հոս կը հանգչին մեր ազգին լաւագոյն տղերքը։ Եռաբլուրի սրբազան հողին տակ հանգչող աճիւնները աւելի ուժ կու տան մարդոց՝ քան շատ մը ողջ մարդիկ»։ «Հայ մարդը,– շարունակած է ան,– այսօր Եռաբլուր կ’այցելէ իր ճակատէն սրբելու համար հայրենիք կորսնցուցածի ամօթը եւ իր խիղճէն հեռացնելու համար պարտութիւն կրածի զգացումը»։

Աւագեան հաստատած է, որ՝ «մեր նահատակները մեր հպարտութիւնն են, որովհետեւ անոնց թափած արեամբ ներկուած է մեր ազգային դրօշին կարմիրը։ Մեր նահատակները մեր փառքն են ու պատիւը, մեր պարծանքն են ու մեր սխրանքը, գոյատեւելու մեր կամքը եւ զարգանալու մեր վճռականութիւնը՝ մեր հին ու նոր թշնամիներուն պարտադրելու համար մեր խաղաղութիւնը, ազգային մեր տեսլականներուն առաջնորդող քաղաքական մեր կամքը։ Անոնք հայրենիքի հանդէպ իրենց պարտքը կատարեցին մեր բոլորին կողմէ, իսկ մեր պարտքը իրենց հանդէպ պիտի ըլլայ անշեղօրէն շարունակել իրենց ուղին, հայութեան եւ Հայաստանի ծառայութեան ուղին»։

Խօսքէն ետք, 20 շրջաններու 645 մարզիկ-մարզուհիները խումբերու բաժնուած՝ այցելած են Եռաբլուրի մէջ իրենց վերջին հանգիստը գտած անմահներու գերեզմանները։

Աւարտին, ազգային-հայրենասիրական երգերու խմբերգումէ ետք, այցելութիւնը պսակուած է խմբային յիշատակելի նկարով մը։