Search
Close this search box.

ԹԵՀՐԱՆ. «Թաւրիզից ստալինեան գուլագ. ընդհատուած պատմութիւն» գիրքի ներկայացումը

Նախաձեռնութեամբ ՀՈՒՍԿ-ի (Հայկական հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն), Յուլիս 11-ին տեղի ունեցած է «Թաւրիզից ստալինեան գուլագ. ընդհատուած պատմութիւն» խորագրեալ հատորին ներկայացումը:

Գիրքը կ՚անդրադառնայ «Ալիք»-ի (1960-1971) թուականներու խմբագրապետ դոկտ. Բաղդիկ Մինասեանի կենսագրական տուեալներուն: 1944 Յունուար 3-ին, Իրանի Ատրպատական նահանգի Թաւրիզ քաղաքին մէջ, Բաղդասար (Բաղդիկ) Մինասեան առեւանգուեցաւ երկիր ներխուժած խորհրդային ուժերուն կողմէ։ Գիրքը կը ներկայացնէ անոր ոդիսականը՝ Թաւրիզի Չեկայի նկուղէն մինչեւ Երեւանի մենակեաց բանտախուցը եւ մինչեւ աքսոր դէպի Սիպիր՝ Նորիլսկի տաժանակիր աշխատանքային ճամբար։

Ստալինի մահէն ետք յայտարարուած ընդհանուր ներումով, «տասը տարի, տասն ամիս եւ տասնեօթն օր խորհրդային բանտերում եւ աշխատանքային ճամբարներում» տառապելէ ետք, Բաղդիկ Մինասեան ազատեցաւ ու տուն վերադարձաւ հիւծուած, առողջութիւնը կորսնցուցած, բայց բարձր հոգեկանով ու անկոտրում կամքով՝ վերսկսելու նոր կեանք ու նոր պայքար՝ ի խնդիր իր դաւանած ազգային գաղափարի ու սկզբունքներու։ 

Գիրքին հեղինակն է անոր դուստրը` դոկտ. Ռուբինա Մինասեան-Փիրումեան:

Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Իսիկ Իւնանէսեան ելոյթ ունենալով անդրադարձած է դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի կենսագրական տուեալներուն, որ Եու. Սի. Էլ. Էյ. համալսարանի դասախօս է եւ հեղինակած է Հայ դատի եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բազմաթիւ գիրքեր, դասագիրքեր եւ հետազօտական յօդուածներ:

Դոկտ. Փիրումեան իր ելոյթին ընդգծած է, որ միշտ պարտք համարած է իր հօր կենսագրութեան այդ դաժան տարիները պատկերելով` ներկայացնել ստալինեան ոճրագործութիւնները հայ ժողովուրդին դէմ: Գիրքին երկու գլուխներուն մէջ կը գտնենք Բաղդիկ Մինասեանի անաւարտ յուշերը, զորս դոկտ. Փիրումեան ամբողջացուցած է: 

Իսիկ Իւնանէսեան առաջարկած է, որ ՀՈՒՍԿ-ի միջոցով գիրքը թարգմանուի պարսկերէնի ու տպագրուի: Հեղինակը գոհունակութեամբ ընդառաջած է  առաջարկին: