Իրանի խորհրդարանի Արտաքին քաղաքականութեան եւ ազգային անվտանգութեան յանձնաժողովի նախագահ Շահրիար Հեյտարի,– Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամենէիի՝ Թուրքիոյ նախագահին ուղղուած խօսքերու ենթախորքին վրայ,– յայտարարած է, թէ Իրան ու Հայաստան որեւէ երրորդ կողմի, այդ կարգին՝ Թուրքիոյ խորհուրդին կարիքը չունին:
“Ինչպէս հաղորդեց Հոգեւոր առաջնորդը՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը պիտի չթոյլատրէ, որ Իրանի ու Հայաստանի սահմանը խափանուի”,– ընդգծած է ան:
Մատնանշելով Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմավարական դիրքը՝ իրանցի խորհրդարանականը ըսած է, որ ան բազմաթիւ խնդիրներ յարուցած է Հայաստանի համար, որոնցմէ է՝ Ազերպայճանի հետ հակամարտութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ: Սակայն ըստ Հեյտարիի խնդիրը պէտք է լուծուի լրջօրէն և դիւանագիտութեան միջոցով։
“Իրան միշտ հաւատացած է, որ երկու երկիրները իրենց խնդիրը պէտք է կարգաւորեն քաղաքական ճանապարհով: Արտատարածաշրջանային որոշ ուժեր կը փափաքին Հայաստանի տարածքով Նախիջևան տանող միջանցք ստեղծել, որ Իրանը լուսանցք մղեն, սակայն Հայաստան ու Իրան կը շեշտեն, որ տարածաշրջանի երկիրներու հողային ամբողջականութիւնը պէտք է պահպանուի: Մենք Հայաստանի հետ 47 քմ. ընդհանուր սահման ունինք, որուն մէկ մասը Արաքս գետի սահմանն է, եւ թոյլ պիտի չտանք, որ որեւէ ձեւով վնաս հասցուի այդ սահմաններուն: Իրանի եւ Հայաստանի սահմանը միշտ անվտանգ եղած է, եւ այդ անվտանգութեան համար երկու երկիրներն ալ ջանք կը թափեն եւ կը կանխեն որեւէ անօրինական երթեւեկութիւն ու սահմանային ոտնձգութիւն, եւ մենք որեւէ երրորդ կողմի, ինչպէս օրինակ՝ Թուրքիոյ խորհուրդին կարիքը չունինք”,– յայտարարած է Շահրիար Հեյտարի:
Յիշեցնենք, թէ Յուլիս 19-ին Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Այաթոլլահ Ալի Խամենէի ընդունած էր Իրանի եւ Ռուսաստանի նախագահներուն հետ եռակողմ հանդիպման նպատակով Թեհրան ժամանած Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը եւ այդ առիթով շեշտած, որ Թեհրան դէմ է Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի խափանման միտող քաղաքականութեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։