Յուլիս 22-ին տեղի ունեցած է «Ասպետ» ռազմամարզական ճամբարի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։
Ճամբարը կազմակերպուած է ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան ծրագրի շրջանակին մէջ՝ Արցախի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի (ԿԳՄՄ) եւ Պաշտպանութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ: Հիմնական նպատակը՝ պատանիներու նախազօրակոչային պատրաստութիւնն է, որ կը ներառէ ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան, զինուորական ծառայութեան նախապատրաստման եւ առողջութեան ամրապնդման աշխատանքներ. պիտի ներկայացուին մշակութային ու մարզական ձեռնարկներ:
Ճամբարին կը մասնակցին Արցախի հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններու 11-րդ դասարանի պատանիներն ու արհեստագործական եւ միջին մասնագիտական հաստատութիւններու երկրորդ դասարանի ուսանողները:
Պատանիներն ու երիտասարդները առիթ կ՚ունենան այցելելու զօրամասեր եւ ծանօթանալու ռազմական սարքերուն, զինուորներու առօրեային ու կենցաղին:
Մասնակիցները նաեւ կ՚այցելեն Արցախի պատմամշակութային վայրեր, հանդիպումներ կ՚ունենան հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Արարողութեան ներկայ եղած են Պետական նախարար Ա. Բեգլարեան եւ ԿԳՄՄ նախարար Ա. Յակոբեան, որոնք ողջունած են մասնակիցները եւ ծանօթացած՝ ճամբարի պայմաններուն ու առօրեային։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։