Search
Close this search box.

ՈՒՔՐԱԻՆԱ. Հայ համայնքի անդամները Քիեւի մէջ նշած են Վարդավառը

 

Կիրակի, Յուլիս 24-ին, Հայաստանի դեսպան Վլադիմիր Կարապետեան եւ դեսպանութեան դիւանագիտական անձնակազմը մասնակցած են Քիեւի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ Պայծառակերպութեան տօնին առիթով մատուցուած պատարագին։ Լուրը կը հաղորդէ Ուքրաինայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը, Դիմագիրքի իր էջով։

Պատարագէն ետք, հայ համայնքի ներկայացուցիչները հաւաքուած են եկեղեցւոյ բակը, աւանդութեան համաձայն իրարու վրայ ջուր սրսկելով նշած են Վարդավառը։

Նոյն օրը եկեղեցւոյ տարածքին Ուքրաինայի հայ բժիշկներու միութեան կողմէ կազմակերպուած է ընդունելութիւն եւ բժշկական խորհրդատւութիւն՝ փափաքողներուն համար: