Search
Close this search box.

ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. Պայծառակերպութեան տօնն ու խաղաղարարներուն նուիրուած խաչքարի օծումը

 

Յուլիս 24-ին, Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին առիթով Թիֆլիսի առաջնորդանիստ, 13-րդ դարուն կառուցուած Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցած է Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս վարդապետ Դաւթեան:

Յընթացս պատարագի Առաջնորդը յաւուր պատշաճի իր քարոզին մէջ հաւատացեալներուն յորդորած է հարստացնել կեանքը հոգեւոր արժէքներով, բարի գործերով, գթասրտութեամբ եւ ներողամտութեամբ: Թեմակալ առաջնորդին եւ հոգեւոր դասի Պահպանիչ աղօթքէն ետք, տօնական մթնոլորտը շարունակուած է եկեղեցւոյ բակին մէջ, ուր տեղադրուած է երկրորդ խաչքարը, որ հնագոյն ժողովուրդներու՝ հաւատքի, հայրենասիրութեան, բարեկամութեան յարատեւութեան լուռ վկայութիւնն է:

Հայաստանի բնակիչ Կարէն Խաչատրեանի բարերարութեամբ կերտուած այս խաչքարին խորհուրդը խաղաղութեան փափաքն է, որ բոլոր ազգերու բաղձալի երազանքն է:  Կիրակոս վարդապետ Դաւթեանի ձեռամբ կատարուած է խաչքարի միւռոնով օծման սրբազան կարգը: 

Այնուհետեւ ծայր առած է «Հայարտուն» կեդրոնի համերգային ծրագիրը: Իրարու յաջորդած են ուրախ երգն ու պարը գեղարուեստական խումբերու, «Տարօն» պարային համոյթի, մենակատարներու և նուագողներու ելոյթներով:

Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին առիթով հանդիսութիւններ տեղի ունեցած են նաեւ Պաթումիի «Սուրբ Փրկիչ», Ախալցիխէի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ», Ախալքալաքի «Սուրբ Խաչ», Նինոծմինդայի «Սուրբ Սարգիս» եւ շրջակայ գիւղերու եկեղեցիներու մէջ: 

Ծալկայի շրջանի հայաբնակ գիւղերն ունին եկեղեցական տօները նշելու իրենց սովորութիւնը: Աւանդաբար Վարդավառի տօնը կը նշուի Այազմա գիւղին մէջ, ուր կը հաւաքուին շրջանի այլ գիւղերէն ժամանած հաւատացեալները, որոնք տօնական օրը կը գեղեցկացնեն համերգային ծրագրով եւ ջրախաղով: