Վարչապետ Փաշինեան Յուլիս 22-ին կառավարութեան նստավայրին մէջ ընդունած է Թիերի Մարիանին։ Ծանօթ որպէս ազերպայճանամէտ քարոզիչ ու գործիչ, ֆրանսացի եւրոերեսփոխանը անցեալ շաբաթ Հայաստան գացած է Եւրոպական խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ ՄըքԱլիսթըրի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կազմելով։
Գայթակղալից այս ներկայութիւնը ընկերային ցանցերու մէջ բուռն պախարակումներու առարկայ կը դառնայ ճիշդ այն շրջանին, երբ CCAF-ի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի՝ վերջերս Հայաստան մուտքի արգելքը արդէն առատ մելան կը հոսեցնէ։
Նշենք, որ Մարիանի Ֆրանսայի ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային համախմբում (Rassemblement National) կուսակցութեան անդամ է։ Մեր ընթերցողները պիտի յիշեն, թէ անցեալ տարի՝ երկրի շրջանային ընտրութիւններուն ենթակային դէմ ինչպիսի պայքար մղուած էր հայկական կառոյցներուն եւ ի մասնաւորի CCAF-ի կողմէ, խոչընդոտելու համար անոր ընտրութիւնը Հարաւի շրջանի՝ ՓԱՔԱ-ի նախագահութեան։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։