Օգոստոս 4-ին, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան Պաշտպանութեան բանակի աւագ գնդերէց Վարդան քահանայ Ներսիսեանի, առողջապահութեան ոլորտի հոգեւոր պատասխանատու Անդրէաս քահանայ Թաւադեանի հետ այցելած է Ստեփանակերտի զինուորական հիւանդանոցը:
Սրբազան Հայրը աղօթած է անոնց առողջութեան համար եւ մաղթած՝ շուտափոյթ ապաքինում։ Արցախի Առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնած է բժշկական կազմին՝ նուիրեալ ծառայութեան համար: Ան նաեւ զինուորներուն հաղորդած է Գարեգին Բ. Վեհափառ հայրապետի օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։