Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ. Իննա Մխիթարեանի «Թոնրատուն» ֆիլմը կը ցուցադրուի Լիւսասի փառատօնին

 

Հայաստանի ազգային շարժարուեստի կեդրոնին կողմէ պետական նիւթական աջակցութիւն ստացած շարժագրող Իննա Մխիթարեանի 84 վայրկեաննոց «Թոնրատուն» ֆիլմը կը ցուցադրուի Արտէշ նահանգի «Les États généraux du film documentaire de Lussas»  լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէններու փառատօնին, Օգոստոս 22-ին եւ 27-ին։

Ֆիլմը արտադրողներն են՝ Անժելա Ֆրանգեան, Սթեֆան Ժուռտէն, Տը Կօլ Էիտ։

Թոնրատունը՝ լաւաշ թխելու փուռը այն վայրն է, որ կը բովանդակէ Հայաստանի պատմութիւնը, պատմուած՝ կիներու կողմէ։ Իննա Մխիթարեանի այս առաջին ֆիլմը կը սկսի ապշեցուցիչ գեղեցկութեամբ տեսարանով մը, ուր լոյսը կարծէք ներշնչուած է ֆլամանական պարոք ոճի որոշ կտաւներէ: 

Թոնրատան մէջ շարժագրողին մայրը զբաղած է խմորի պատրաստութեամբ։ Մխիթարեան վայրը կը վերածէ թատերավայրի մը, ուր թոնիրին շուրջ միայն հաց չի պատրաստուիր։ Այնուհետեւ կը լսենք խօսքերը հոն ի մի եկած կիներուն, որոնք կը պատմեն թէ ինչպէ՛ս իրերայաջորդ պատերազմներն ու հայ ժողովուրդի հազարամեայ կեղեքումները ուղղակի ազդած են իրենց՝ կիներուն, նոյնիսկ մինչեւ անոնց մայրութեան վրայ: Խորապէս նահապետական հասարակութեան մը մէջ քոյրութեան այս էական վայրէն շարժագրողը կը քաղէ Հայաստանի պատմութիւնը՝ կիներու աչքով դիտուած: