Արցախի կարեւորագոյն երկու համայնքներու՝ Բերձորի եւ Աղաւնոյի ապագայի հարցը կրնայ նոր փուլ թեւակոխել եթէ ցոյց տրուի համազգային համախմբում, ըլլայ վճռականութիւն, եւ գտնուին հայրենանուէր ու մտահոգ քաղաքացիներ։
Յամենայն դէպս, ա՛յս է կարծիքը Հայաստանի «Ժողովրդավարական համախմբում» կուսակցութեան հիմնադիր Սուրէն Պետրոսեանի, որ տեսանիւթով մը կոչ կ՚ընէ հայրենանուէր բոլոր Հայերուն միանալու՝ ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպելու իր նախաձեռնութեան։
Ս․ Պետրոսեան իր խօսքին մէջ կ՚ընդգծէ, որ ինք կը գտնուի Աղաւնոյ, իր կնոջ ու երկու երախաներուն հետ, քանի որ միայն այդ պարագային ան կրնայ իրեն իրաւունք վերապահել կոչ ուղղելու գիւղի բնակիչներուն, որ չտեղահանեն իրենց ընտանիքները եւ շարունակեն մնալ Բերձոր ու Աղաւնոյ։
Սուրէն Պետրոսեան վստահ է, որ այս պաշտպանութեան ելքը խիստ վճռական պիտի ըլլայ, քանի որ յաջող ընթացքը կրնայ բեկում մտցնել իրավիճակին մէջ, ինչպէս որ հակառակը հաւանական է։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։