Եւրոպայի համագործակցութեան եւ անվտանգութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիթ Անգարայի մէջ դեսպաններու 13-րդ խորհրդաժողովի բացումին յայտարարած է, որ կ՚ողջունէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ ջանքերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» գործակալութիւնը։
Ան աւելցուցած է, որ հանդիպում պիտի ունենայ Թուրքիոյ` Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով յատուկ բանագնաց Սերտար Քըլըչի հետ:
Շմիթ նաեւ նշած է, որ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ Թուրքիոյ ներդրումը եւ շահագրգիռ կողմերուն հետ տարած աշխատանքը իրենց համար շատ կարեւոր է:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։