Search
Close this search box.

Ցեղասպանութեանց կանխարգիլման «Լեմքին» հիմնարկը ահազանգ կը հնչեցնէ՝ Ազերպայճանի ցեղասպան գործողութիւններուն վերաբերեալ

Ցեղասպանութեանց կանխարգիլման «Լեմքին» հիմնարկը Օգոստոս 17-ին հրապարակած է կարմիր դրօշով նոր ահազանգ՝ Ազերպայճանի համար։

«Մենք կը դատապարտենք շարունակուող ատելութեան խօսքը, սպառնալիքներն ու վայրագութիւնները Արցախի ու անոր սահմաններէն դուրս հայ ժողովուրդի եւ մշակութային ժառանգութեան դէմ։

Վերջերս ազերպայճանական ընկերային ցանցերու տարածած  տեսանիւթին մէջ կ՚երեւի, թէ ինչպէս մօտակայ հայկական գերեզմանոցէն փորուած ու հանուած գանկը ազերպայճանցի զինուորը կը կապէ զինուորական բեռնատարին ետեւի մասը, իսկ  իր պաշտօնակիցները կ՚ուրախանան:

Այս նոր ակնյայտ վայրագութեան հետեւանքով Ցեղասպանութեանց կանխարգիլման «Լեմքին» հիմնարկը կրկին կարմիր դրօշով ահազանգ հրապարակած է Ազերպայճանի համար՝ նախազգուշացնելով Հայերու սպառնացող ցեղասպանութեան մասին, թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (Արցախ), թէ՛ ալ Հայաստանի մէջ:

Գերեզմաններու, շիրիմներու պղծումը ցեղասպանութեանց մէջ սովորաբար դիտարկուող վայրագ արարք մըն է, քանի որ ան կը ձգտի թիրախաւորելու, նուաստացնելու, ոչնչացնելու ինքնութիւնը եւ ժխտելու թիրախ ընտրուած ցեղին արժանապատւութիւնը, նոյնիսկ՝ յետմահու։

Ցեղասպանութեան վայրագութեան վտանգը մեծ է յատկապէս հիմա՝ նկատի առնելով հայաբնակ Աղաւնոյ եւ Բերձոր քաղաքները Ազերպայճանին յանձնելու, ինչպէս նաեւ Ազերպայճանի կողմէ հրադադարի համաձայնագրի շարունակական փաստագրուած խախտումներու  մասին  վերջին լուրերը։

Հայաստանի Մարդկային իրաւանց նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան յայտնած է, որ ազերպայճանցի զինուորները զանգուածաբար կենդանիներ կը մորթեն եւ անոնց փորոտիքը կը նետեն շրջանի հայ գիւղացիներուն կողմէ օգտագործուող ջուրի աղբիւրներուն մէջ, թունաւորելով ջրամատակարարումը։

Թաթոյեան նաև տեղեկացուցած է, որ ազերպայճանցի զինուորները կը կրակեն իրենց դաշտերուն մէջ աշխատող հայ գիւղացիներուն վրայ, վտանգի ենթարկելով թէ՛ անոնց կեանքը, թէ՛ ապրուստը, թէ՛ ալ Աղաւնոյի ու Բերձորի գիւղացիներու սնունդի կարեւոր աղբիւրը»,– նշուած է «Լեմքին հիմնարկի հրապարակած յայտարարութեան մէջ, ուր ընդգծուած է նաեւ.- 

«Ազերպայճանցի զինուորներու վարքը 2020-ի Արցախի հետ պատերազմի ընթացքին,–ուր գերի ինկած հայ զինուորներու եւ խաղաղ բնակիչներու խոշտանգումներու, սպանութիւններու եւ գլխատման տեսանիւթերը սովորական էին,– ինչպէս նաեւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բազմաթիւ յայտարարութիւնները, որ Երեւանը “ազերպայճանական պատմական հող” է, աւելի լայն ցեղասպանական հող կ՚ապահովեն ազերպայճանական ներկայի վայրագութիւններուն:

Միջազգային հանրութիւնը, յատկապէս ՕԹԱՆ-ը եւ անոր անդամ երկիրները կը շարունակեն անտեսել Ազերպայճանի ցեղասպան յայտարարութիւնները, ցեղասպանական ներքին գաղափարական մշակոյթն ու ցեղասպանական գործողութիւնները, որոնք բոլորն ալ կը վայելեն Թուրքիոյ աջակցութիւնը եւ յառաջ կը մղուին անոր կողմէ»:

Հիմնարկին յայտարարութիւնը կ՚եզրափակուի հետեւեալ կոչով.-

«Մենք կոչ կ՚ընենք միջազգային եւ պետական բոլոր մարմիններուն վերահսկելու Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի ցեղասպան գաղափարախօսութիւնն ու գործելակերպը, ճնշում բանեցնելու Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի վրայ, որ դադրեցնեն հայ ժողովուրդին դէմ ուղղուած իրենց ցեղասպանական սպառնալիքները, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու Հայոց եւ հայկական ինքնութեան ապահովութիւնը Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններուն եւ աշխարհատարած սփիւռքեան բոլոր համայնքներուն մէջ»։