Հայաստանի Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեան կառավարութեան Օգոստոս 24-ի նիստին առաջարկած է հաստատել թոշակներու եւ նպաստներու բարձրացման վերաբերեալ որոշման նախագիծը։
Գործադիրի անդամները թեր քուէարկած ու հաստատած են։ Որոշումը ի զօրու կը դառնայ Սեպտեմբեր 1-էն սկսեալ։
Այսպէս՝ կենսաթոշակը կ՚աւելնայ շուրջ 3.100 դրամ (7,68 եւրօ)։ Օրինակ, 36.000 դրամ թոշակ ստացողը Սեպտեմբերին մօտաւորապէս 39.100 դրամ պիտի ստանայ։ Զինուորականներու կենսաթոշակը կ՚աւելնայ 5.200 դրամ, իսկ ծերութեան, հաշմանդամութեան եւ տան ապրուստը հոգացողի կորստեան պարագային վճարուող նպաստները կը բարձրանան շուրջ 2.000 դրամ (ամիսը 4,98 եւրօ)։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։