Կապուեցէք այս էջին ամբողջական պարունակութիւնը տեսնելու համար։
Եթէ չունիք բաժանորդագրութիւն, կրնաք այստեղ արձանագրուիլ՝
Օգոստոս 31-ին Պրիւսէլի մէջ, Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը:
Քննարկուած են գերիներու ազատ արձակման եւ անհետացածներու ճակատագրի պարզաբանման, սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան, տարածաշրջանային ապաշրջափակման, Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին վերաբերող հարցեր:
Կողմերը համաձայնած են Արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով շարունակել բանակցութիւնները՝ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի մշակման շուրջ։ Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ մէկ ամսուան ընթացքին։
Սահմանազատման և սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի յաջորդ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Պրիւսէլ, Նոյեմբերին:
Առաջնորդներու յաջորդ հանդիպումը եւս կը կայանայ Նոյեմբերին:
Կապուեցէք այս էջին ամբողջական պարունակութիւնը տեսնելու համար։
Եթէ չունիք բաժանորդագրութիւն, կրնաք այստեղ արձանագրուիլ՝
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։