Search
Close this search box.

Միքայէլ Արզումանեան ազատ արձակուած է, սակայն զինք բանտարկելու դիմում ներկայացուած է

 

Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, Արցախի նախագահի գլխաւոր խորհրդական զօր. Միքայէլ Արզումանեանի ձերբակալման պայմանաժամը լրացած ըլլալով, դատարանի որոշումով ան ազատ արձակուած է։ Այս տեղեկութիւնը Հաղորդած է Արզումանեանի փաստաբան Երեմ Սարգսեան, աւելցնելով թէ՝ իր պաշտպանեալը բանտարկելու վերաբերեալ դատարանին դիմում ներկայացուած է։

Միքայէլ Արզումանեան իր դէմ յարուցուած մեղադրանքը չ՚ընդունիր։