Արցախի Մարդկային իրաւանց պաշտպանի (ՄԻՊ) աշխատակազմը հրապարակած է «2022 Օգոստոսին Ազերպայճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդի իրաւանց խախտումներու մասին» եռալեզու (հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն) արտահերթ զեկոյցը, որ ուղարկուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներուն, մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան լիազօրութիւն ունեցող կառոյցներուն եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն։
Զեկոյցի առաջին բաժնին մէջ ներկայացուած են փաստեր՝ եռակողմ յայտարարութեան ստորագրութենէն ետք Արցախի ժողովուրդին դէմ Ազերպայճանի կողմէ համակարգուած եւ շարունակաբար իրագործուող յանցագործութիւններու վերաբերեալ։ Հրադադարի հաստատումէն յետոյ Ազերպայճան գործած է մարդկային եւ նիւթական մեծ վնասներ պատճառած աւելի քան 112 յանցագործութիւն, որոնց հետեւանքով սպանուած է 3 քաղաքացի եւ 15 զինուորական, սպանութեան փորձի ենթարկուած է 126 անձ (48 քաղաքացի, 78 զինուորական), վիրաւորուած կամ բռնութեան ենթարկուած է 65 հոգի (14 քաղաքացի, 51 զինուորական)։
Այս բաժնին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ 2022 Օգոստոսին Արցախի ժողովուրդին դէմ Ազերպայճանի սանձազերծած յաջորդական յարձակման եւ անոր հետեւանքներուն մասին։
Երկրորդ բաժնով զեկոյցը կ՚անդրադառնայ Արցախի Հանրապետութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կապող (Բերձորի) միջանցքի կենսական նշանակութեան ու անոր իրաւական կարգի փոփոխութեան անթոյլատրելիութեան, ինչպէս նաեւ միջանցքով անցնող երթուղին եռակողմ յայտարարութեամբ սահմանուած պայմանաժամէն առաջ փոփոխութեան ենթարկելու՝ Ազերպայճանի ներկայացուցած անօրինական պահանջին։ Արձանագրուած է, որ իր անօրինական պահանջները պարտադրելու համար ազերպայճանական կողմը շարունակաբար կը դիմէ ուժի կիրարկման կամ սպառնալիքի, որ միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտում մըն է։
Երրորդ բաժինը կ՚անդրադառնայ ուժի կիրարկման սպառնալիքի տակ խաղաղ բնակավայրերու՝ Բերձոր, Աղաւնոյ եւ Ներքին Սուս համայնքներու հայաթափման, անոր հետեւանքով մարդկային իրաւանց կոպիտ խախտումներուն, որ ուղղակի կը հակասէ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի (ՄԻԵԱ) 2020 Սեպտեմբեր 29-ին ընդունած եւ նոյն թուականի Նոյեմբեր 3-ին առաւել ընդլայնուած միջանկեալ միջոցին, որով կողմերուն կոչ յղուած է ձեռնպահ մնալու այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան յանգեցնել բնակչութեան՝ Համաձայնագրով պաշտպանուող իրաւունքներու խախտման։
Չորրորդ բաժնին մէջ ներկայացուած են ապացոյցներ՝ օգոստոսեան գրգռութիւններուն զուգահեռ Ազերպայճանի պետական պաշտօնատարներու, հանրային գործիչներու կողմէ Հայերու դէմ ուղղուած ատելութեան խօսքի եւ հայատեացութեան այլ դրսեւորումներու կտրուկ աճի վերաբերեալ։ Արձանագրուած է, որ Պաքու ակնյայտօրէն կ՚անտեսէ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանի 2021 Դեկտեմբեր 7-ի որոշումը, մասնաւորապէս՝ 2-րդ կէտով սահմանուած պահանջը, որու համաձայն՝ Ազերպայճան պարտաւոր է. «ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն՝ կանխելու ազգութեամբ Հայերը թիրախաւորող ցեղային ատելութեան եւ խտրականութեան հրահրումն ու խթանումը, ներառեալ՝ Ազերպայճանի պաշտօնատարներու եւ պետական հաստատութիւններու կողմէ»։
Զեկոյցը հինգերորդ բաժնով կ՚անդրադառնայ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան լիազօրագրի յստակացման անհրաժեշտութեան, որով արդիւնաւէտ գործիքակազմեր կ՚ապահովուին՝ հրադադարի խախտումներուն պատշաճ հակազդելու եւ լիարժէք խաղաղութիւն հաստատելու համար։
Զեկոյցը պատրաստուած է ՄԻՊ-ի աշխատակազմին կատարած ուսումնասիրութիւններու, քաղաքացիական բնակավայրեր տուած այցերու, քաղաքացիներու հետ ունեցած առանձնազրոյցներու, պետական լիազօր մարմիններէն ստացած տեղեկութիւններու հիման վրայ, եւ նպատակ ունի փաստագրելու Ազերպայճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու խախտման դէպքերն ու անոնց տարաբնոյթ դրսեւորումները եւ միջազգային կառոյցներու, ինչպէս նաեւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու ուշադրութիւնը հրաւիրելու Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին վրայ։
Զեկոյցը հասանելի է հետեւեալ յղումով՝ https://artsakhombuds.am/hy/document/951 ■