Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար զօր. Միքայէլ Արզումանեան բանտարկուեցաւ

 

Մասնաւորաբար, Շուշի քաղաքի եւ յարակից շրջաններու պաշտպանութիւնը կազմակերպելու ընթացքին անփոյթ վերաբերում դրսեւորելու, ծառայողական պարտականութիւնները ոչ-պատշաճ կատարելու եւ իր այդ թերացումներով ծանր հետեւանքներ պատճառելու ամբաստանութիւններով մեղադրուող Արցախի Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, Արցախի նախագահի խորհրդական զօր. Միքայէլ Արզումանեան Սեպտեմբեր 1-ին բանտարկուեցաւ։ Այս կապակցութեամբ անոր փաստաբանը՝ Երեմ Սարգսեան Դիմագիրքի իր էջին գրած է.-

«Ինչպէս եւ ակնկալւում էր՝ դատարանը կատարեց իր առաքելութիւնը եւ կալանաւորեց Միքայէլ Արզումանեանին։ Շօուն շարունակւում է…»։