Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի Հանրապետութեան օրուան առթիւ՝ այցելութիւն Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ Զինուորական պանթէոն

 

Սեպտեմբեր 2-ին՝ Արցախի Հանրապետութեան օրուան առթիւ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, երրորդ նախագահ Բակօ Սահակեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան եւ Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան այցելած են Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ Զինուորական պանթէոն, ուր ծաղկեպսակներ զետեղած են Արցախի անկախութեան ու ազատութեան համար զոհուած ազատամարտիկներու շիրիմներուն:

Պաշտօնական արարողութեան մասնակցած են նաեւ Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր՝ Հայաստանէն։

Արցախի Հանրապետութեան օրուան առթիւ Պաշտպանութեան բանակի դիրքապահ զինուորները շնորհաւորելու նպատակով՝ բարձրաստիճան զինուորականներէ եւ պետական իշխանութեան ներկայացուցիչներէ կազմուած խումբեր այցելած են նաեւ շփման գիծ։