Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Լոռիի շրջանին մէջ պղծած են «Հրանդ Տինքի յիշատակի պուրակ»-ի յուշատախտակը

Armenia Tree Project-ը («Հայաստանի ծառապատման ծրագիր») 53.000 ծառ տնկած է Լոռիի շրջանին մէջ ստեղծուած «Հրանդ Տինքի յիշատակի պուրակ»-ի տարածքին, 2007-էն՝ տարաբախտ լրագրողին սպանութեան թուականէն ի վեր. այլ խօսքով՝ 1.000 ծառ անոր կեանքի իւրաքանչիւր տարուան համար։ 

Armenia Tree Project ներկայիս ցաւով եւ զարհուրանքով կը տեղեկացնէ, որ վերջերս վանդալական արարքի մը թիրախ դարձած է պուրակին մէջ Հրանդ Տինքի յիշատակին զետեղուած ցուցատախտակը։