Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Միրզոյեան մեկնած է Մոսկուա, Պապիկեան՝ ԱՄՆ

 

Սեպտեմբեր 5-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցով մեկնած է Մոսկուա, ուր հանդիպում կ՚ունենար Ռուսաստանի իր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ: Օրակարգի նիւթերն էին տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան, ինչպէս նաեւ հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր։

Նոյն օրը, ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցով մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ նահանգներ։