(Պոլսոյ Պատրիարքարանի Դիմագիրքի էջէն)
Վանի Ախթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Խաչի Բարեկենդանի Կիրակիին՝ Սեպտեմբեր 4-ին Ս. պատարագ մատուցուեցաւ։ Համաճարակի պատճառաւ, երկու տարի առանց ժողովուրդին մասնակցութեամբ կատարուած արարողութենէ յետոյ, սոյն արարողակարգը դարձեալ բազմաթիւ ուխտաւորներ համախմբեց Ախթամարի մէջ։
Ախթամարի տօնակատարութեան, այս տարի նախագահեց Սահակ Բ. պատրիարք հայրը։ Ուխտագնացութեան մասնակցեցան նաեւ Յարութիւն վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Գրիգոր աւ. քհնյ Տամատեան, լուսարարապետ Տրդատ աւ. քհնյ Ուզունեան, Գէորգ աւ. քհնյ Չնարեան, Հայաստանէն Եղէշէ եւ Վիգէն քահանայ հայրերը։ Բաց աստի, ուխտագնացութեան երգեցողութիւնները կատարելու համար եկած էին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան դպրաց դաս երգչախումբի անդամները, ինչպէս նաեւ Սամաթիոյ թաղային խորհուրդէն անդամներ, գլխաւորութեամբ՝ ատենապետ Եսայի Տէմիրի։
Շաբաթ երեկոյեան, մեր հոգեւոր պետը, «Պիւյիւք Ուրարտու» պանդոկի ճաշասրահին մէջ մէկտեղուեցաւ հոգեւոր հայրերու, սարկաւագներու եւ դպրաց դասու անդամներուն հետ սիրոյ սեղանի շուրջ։ Այստեղ ներկաները, ջերմ մթնոլորտի մէջ զրուցելու առիթն ունեցան Պատրիարք հօր հետ։
Իսկ յաջորդ առաւօտեան ժամը 9-ին, Պատրիարք հօր գլխաւորութեամբ, հոգեւոր հայրերն ու սպասարկողներու խումբը, ինչպէս նաեւ երգչախումբի անդամները Վանի նահանգապետարանի տրամադրած նաւով ուղղուեցան դէպի Ախթամար կղզի։ Պատրիարք հայրը, կղզի ժամանումէն յետոյ, նախ այցելեց Ս. Խաչ եկեղեցին, ուր ուխտի աղօթքը ըրաւ։ Մինչ այդ եկեղեցւոյ մկրտութեան մատռան մէջ կատարուեցաւ նաեւ ժամերգրութիւն։
Ժամը 10.45-ին կազմուած թափօրը տաճարի մօտակայ կիսաւեր մատուռէն Ս. Խաչ երբեմնի հայրապետանիստ տաճար առաջնորդեց պատարագիչ Յարութիւն վրդ. Տամատեանը։
Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան դպրաց դաս երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ եւ երգէոնահարութեամբ՝ Սեւան Ակօշեանի։
Տէրունական աղօթքէն առաջ արտասանած իր քարոզին մէջ՝ Պատրիարք հայրը խօսեցաւ տաճարի գաղափարին մասին։ Յայտնեց, թէ՝ Աստուած հաստատած է տաճարի գաղափարը, որպէսզի մեղաւոր մարդկութիւնը այցելէ տաճար եւ այտեղ գտնէ զԱստուած։ Հին Կտակարանէն սկսեալ այս աւանդութիւնը, քրիստոնէութեան մէջ եւս շարունակած է եւ համայնքներ կառուցած են եկեղեցիներ։ Հայ եկեղեցւոյ անդամները եւս, պատմութեան ընթացքին հետեւելով տաճարաշինութեան աւանդութեան, իրենց ոճով, ճարտարապետական գիտութեամբ եւ հանճարով կառուցած են շքեղ տաճարներ, ուր համախմբուած են զԱստուած փառաւորելու համար։ Ախթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին եւս եղած է այն հսկայ կոթողներէն, որ 10-րդ դարուն Գագիկ Արծրունի թագաւորի փափաքով ու Մանուէլ ճարտարապետի աշխատութեամբ կառուցուած է։
Պատրիարք Հայրը յիշեցուց, թէ՝ Ախթամարը ունէր աւելի քան 1000-ամեայ պատմութիւն։ Տաճարին կամարը, պատերը, սիւները ականատեսը եղած էին ինչ-ինչ դէպքերու եւ անոնք կը շարունակէին վկան դառնալ անցեալին։ Իր հիանալի ճարտարապետութեամբ նաեւ հետաքրքրութեան արժանացած էր, թէ՛ Հայերուն եւ թէ՛ օտարներուն։ Ահա, այս գեղեցիկ տաճարը, որ մերձաւոր անցեալին մաշած էր, մօտաւորապէս քսան տարի առաջ երկրին իշխանութեան տնօրինութեամբ որպէս թանգարան եկեղեցի վերանորոգուած էր եւ յաջորդիւ աւանդութիւն հաստատուած էր Սեպտեմբեր ամսուան մէջ տօնական Ս. պատարագ մատուցանել Ախթամարի մէջ։ Այս աւանդութիւնը, համաճարակի շրջանին դժբախտաբար առանց ժողովուրդի մասնակցութեամբ կատարուած էր։ Իսկ այս տարի հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը տեղի կ՚ունենար Պոլսէն եւ թէ՛ Հայաստանէն ու արտասահմանէն ուխտաւորներու մասնակցութեամբ։ Պատրիարք Հայրը, այս առթիւ մաղթեց որ ուխտագնացութիւնը բոլոր մասնակիցներուն համար դառնայ օրհնաբեր եւ հոգեւոր շինութեան առիթ։