Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ – Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարը հանդիպում ունեցած է Քանսասի նահանգապետին հետ

Սեպտեմբեր 7-ին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան հանդիպում ունեցած է Քանսասի նահանգապետ Լորա Քելլիի հետ։

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, Պապիկեան ընդգծած է Հայաստանի եւ Քանսաս նահանգին միջեւ երկար տարիներու պատմութիւն ունեցող բարձր մակարդակի յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը։ 

Իր կարգին, տիկին Քելլի շնորհակալութիւն յայտնած է Պապիկեանին՝ Քանսաս այցելելուն համար եւ վերահաստատած իր պատրաստակամութիւնը գործադրելու առաւելագոյն ջանքը` տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած համագործակցութիւնը աւելի զարգացնելու նպատակին։

Հանդիպման աւարտին Պաշտպանութեան նախարարը տիկին Քելլին հրաւիրած է այցելելու Հայաստան։

Ի պատիւ այս այցելութեան, Գանսասի նահանգապետին հռչակագրով Սեպտեմբեր 7-ը յայտարարուած է Հայաստան-Գանսաս գործընկերութեան օր։

ԱՄՆ աշխատանքային այցի շրջանակին մէջ, նախարար Պապիկեան, Հայաստանի՝ Ուաշինկթընի դեսպանուհի Լիլիթ Մակունցի ուղեկցութեամբ, այցելած է Գանսաս նահանգին մէջ՝ Սալինայի ուսումնական կեդրոն, ուր տեսակցութիւն ունեցած է զօրավար Տեյվիտ Վեյշարի հետ։

Կողմերը քննարկած են ԱՄՆ-ու նահանգային գործընկերութեան ծրագրի ծիրէն ներս Հայաստանի եւ Գանսասի միջեւ համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր։