Սեպտեմբեր 8-ին, ազերպայճանական կողմը Հայաստանին վերադարձուցած է 5 ռազմագերիներ։ Լուրը հաղորդած է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ)՝ նշելով վերադարձած գերիներուն անունները.-
Աղրամանեան Մարտին (1996-ի ծնունդ, Գիւմրիէն), Գէորգեան Աշոտ (1998-ի ծնունդ, Գիւմրիէն), Գրիգորեան Ֆելիքս (1996-ի ծնունդ, Գիւմրիէն), Մանուկեան Վարազդատ (1990-ի ծնունդ, Գիւմրիէն) եւ Յովսէփեան Էդիկ (1999-ի ծնունդ, Վանաձորէն):
«Ողջունում ենք այս գործողութիւնը՝ որպէս յարաբերութիւնների կարգաւորմանը նպաստող քայլ»,– նշուած է ԱԱԾ-ի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, թէ Հայ ռազմագերիներու նոր խումբի վերադարձին մասին աւելի կանուխ տեղեկութիւններ հրապարակուած էին ազերպայճանական լրասփիւռներու կողմէ։ Հայաստանեան գերատեսչութիւնները չէին հաստատած լուրը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։