Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Երգիչ Ռուբէն Հախվերդեան՝ Երեւանի քաղաքապետութեան թեկնածու

Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւններուն Հայաստանի Եւրոպական կուսակցութեան թեկնածուն է հանրածանօթ երգիչ Ռուբէն Հախվերդեանը, որ ծանօթ է նաեւ Ռուբէն Երեւանցի անուանումով: Այս մասին Դիմագիրքի իր էջին գրած է Հայաստանի Եւրոպական կուսակցութեան նախագահ Տիգրան Խզմալեան։

«Ազնիւ, անկեղծ, արդար։ Սովորական հանճար։ Իսկական Երեւանցի։ Իսկական Քաղաքացի։ Իսկական Եւրոպացի։ Ազգի սերուցք»,– գրած է Խզմալեան։