Հայ-ազերպայճանական սահմանի տարբեր ուղղութիւններով Ազերպայճանի սանձազերծած յարձակման հետեւանքով հայկական կողմը ունի զոհեր եւ վիրաւորներ։
Այս մասին յայտնած է Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արամ Թորոսեան։
Ան աւելցուցած է, որ զոհերու եւ վիրաւորներու տուեալները այս պահուն կը ճշդուին։
Թորոսեան նշած է, որ ազերպայճանական կողմը կը թիրախաւորէ նաեւ քաղաքացիական ենթակառոյցները:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբերը նաեւ յայտարարած է.- “Հայաստանի Հանրապետութեան Զինեալ ուժերի ստորաբաժանումները ամբողջ ծավւալով կատարում են իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրները: Ադրբեջանի Պաշտպանութեան նախարարութեան պնդումները, թէ հրետակոծութիւնը սկսել է հայկական կողմը, բացարձակ կեղծ են: Ադրբեջանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը այս սադրանքի համար վերջին օրերին ակնյայտ տեղեկատուական հէնք էր նախապատրաստում, ինչի վկայութիւնն են ամէնօրեայ ռեժիմով հրապարակուող ապատեղեկատւութիւնները՝ իբր հայկական կողմի գնդակոծութիւնների վերաբերեալ»,– աւելցնելով, որ այս ձեռագիրը արդէն ծանօթ է 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի ժամանակէն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։