Գերմանացի եւրոերեսփոխանը խստօրէն կշտամբած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահուհին
Եւրոպական խորհրդարանի գերմանացի երեսփոխան Մարթին Զոննեպորն քննադատած է Եւրոպական Միութիւն, կշտամբած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյէնը՝ Հայաստանի վրայ յարձակած Ազերպայճանի ղեկավար Ալիեւի հետ համագործակցութեան պատճառաւ:
Երեսփոխանը իր խօսքը ուղղելով Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյէնին, յատկապէս ըսած է.- “Չեմ գիտեր, թէ ինչ ըսեմ Եւրոպական Միութեան ինկած վիճակին մասին. իբրեւ թէ խզեցին կազի մէկ մատակարարին՝ Փութինի հետ, հիմա անոր տեղ գտան մէկը՝ Ալիեւը, որ դաժան պատերազմ կը մղէ”:
Զոննեպորն այնուհետեւ իր խօսքը շարունակած է, ծանրօրէն քննադատելով Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահուհին.- “Նոյնիսկ եթէ գերմանական լրասփիւռները լուռ կը մնան, այն «նաւթային բռնապետութիւնը», զոր դուք բնութագրած էք «վստահելի գործընկեր», յարձակեցաւ ժողովրդավարական Հայաստանի վրայ: Վերջ ի վերջոյ, մեր նոր «լաւագոյն ընկեր» Ազերպայճանը Ռուսաստանէն ալ անդին է՝ ժողովրդավարութեան, մամլոյ եւ քաղաքացիական ազատութեան առումով: Ալիեւ առաջին դիրքի վրայ կը հասնի միայն այն ատեն, երբ հարցը կը վերաբերի Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութեան (CDU) փտած գործիչներ կաշառելու: Եւ, երբ դուք այստեղ սկսաք ձեր պաշտօնը, ես պարզապէս կը կարծէի, որ դուք ձեռնհաս չէք այս գործին եւ քիչ մըն ալ յանցագործ էք, մինչդեռ պարզուեցաւ, որ դուք նաեւ տպաւորիչ կերպով զուրկ էք բարոյականութենէ”:
Ան աւելցուցած է որ՝ չի գիտեր, թէ այլեւս ի՞նչ ըսէ Եւրոպական Միութեան վիճակին մասին: “Միայն մէկ բան՝ Եւրոպան պէտք չէ թողենք «Լեյէններուն»”, եզրափակած է գերմանացի երեսփոխանը: