Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՆԻՒ ԵՈՐՔ – Բողոքի ցոյց՝ Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցչութիւններուն առջեւ

Նիւ Եորքի հայ համայնքը բողոքի ցոյց կազմակերպած է տեղւոյն Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցչութիւններուն առջեւ։

Մասնակիցները երթով ուղղուած են դէպի Նիւ Եորքի մէջ Ազերպայճանի, այնուհետև Թուրքիոյ ներկայացուցչութիւն, բողոքելու համար Ազերպայճանի կողմէ Հայաստանի վրայ յարձակման դէմ։ Անոնք պարզած են Ապրիլեան չորսօրեայ եւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմներու ընթացքին զոհուած հայ զինուորներու լուսանկարները, ինչպէս նաեւ «Հեռացուցէ՛ք Թուրքիան ՕԹԱՆ-էն», «Իմ հայրենիքը խաղաղութիւն կ՚ուզէ», «Շուշին Հայաստան է» եւ այլ գրութիւններով պաստառներ: