Սեպտեմբեր 16-ին, Սամարքանտի մէջ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան համաժողովին, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կրկին խօսած է «Զանգեզուրի միջանցք»-ի մասին։
Azertag-ի համաձայն՝ Ալիեւ իր ելոյթին Կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն ներկայացուցած է Ազերպայճանի տարանցիկ երթեւեկութեան կարելիութիւնները եւ նշած, որ «Զանգեզուրի միջանցքի բացումէն յետոյ» այդ բնագաւառին մէջ հնարաւորութիւնները աւելի պիտի բազմանան։
“2020-ի տարեվերջին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը նոր կարելիութիւններ ստեղծեց մեր տարածաշրջանի հաղորդակցութեան նախագիծերու զարգացման համար։ Զանգեզուրի միջանցքի բացումէն ետք, աւելի պիտի մեծնան տարածաշրջանի երկիրներու հաղորդակցութեան կարելիութիւնները։ Ան շահաւէտ պիտի ըլլայ այդ երթուղիի երկայնքին գտնուող բոլոր երկիրներուն համար”,– ըսած է Ալիեւ։
Ան յիշեցուցած է, որ Հայաստանին ներկայացուցած են խաղաղութեան պայմանագրի կնքման համար նախատեսուած հինգ սկզբունքներ՝ հիմնուած ինքնիշխանութեան և հողային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման վրայ։
“Այժմ պէտք է աշխատինք խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծին վրայ՝ առանց նախապայմանի և արհեստական ձգձգումներու։ Ցաւօք, Սեպտեմբեր 13-ին Հայաստան լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկեց Ազերպայճանի հետ պետական սահմանին։ Հայաստանի այդ արարքը հսկայական հարուած հասցուց երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին”,– նշած է Ազերպայճանի ղեկավարը։
Առանց մեկնաբանութեան՝ No comment !!!