«Հրանդ Տինք» միջազգային մրցանակաբաշխութիւնը աւանդաբար կը կատարուի Սեպտեմբեր 15-ին, եղերաբախտ խմբագրին ծննդեան օրը:
Ան, այս տարի եւս՝ 14-րդ անգամ ըլլալով տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 15-ին, որու ընթացքին դափնեկիրներ հռչակուած են Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց հիմնարկը եւ աֆղան գործիչ Շահարզատ Աքպար, որոնց յանձնուած է իրենց մրցանակները:
Մարդկային իրաւանց հիմնարկի պարագային նկատի առնուած է այն հանգամանքը, որ ան կը նպաստէ ընկերային համերաշխութեան հաստատման ու ժողովրդավարութեան զարգացման, իսկ Աքպարի պարագային՝ նշուած է որ ան անխոնջ աշխատանք տարած է լսելի դարձնելու համար ձայնը այն կիներուն, որոնց ազատութիւնը խստօրէն սահմանափակուած կը մնայ Աֆղանիստանի մէջ: