Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Վիէնի քաղաքապետ Թիէրի Քովաքսի Երեւան այցելութիւնը

Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Գնէլ Սանոսեան Սեպտեմբեր 18-ին ընդունած է Օվերնեը – Ռոն-Ալփի Շրջանային խորհուրդի փոխնախագահ, Վիէնի քաղաքապետ Թիէրի Քովաքսը:

Նախարար Սանոսեան շնորհակալութիւն յայտնած է ֆրանսացի քաղաքապետին՝ ստեղծուած բարդ իրավիճակին մէջ Հայաստան այցելելուն եւ հայ ժողովուրդին զօրակցելուն համար:

Պրն Քովաքս իր կարգին վերահաստատած է, որ Հայաստանի կողքին են եւ կը դատապարտեն Ազերպայճանի զինեալ յարձակումը։

Հանդիպումին, կողմերը ընդգծած են ֆրանքեւհայկական ապակեդրոնացուած համագործակցութեան շրջանակին մէջ Հայաստանի եւ Օվերնեը – Ռոն-Ալփ շրջանի տարածքային միաւորներու միջեւ հաստատուած բարեկամական սերտ կապերը, ինչպէս նաեւ աշխուժ ու արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, որու վառ օրինակներէն է Գորիս-Վիէն գործակցութիւնը՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ:

Ֆրանսական կողմը վերահաստատած է Օվերնեը – Ռոն-Ալփի Շրջանային խորհուրդի մտադրութիւնը՝ զարգացնելու Սիւնիքի մարզին հետ համագործակցութիւնը, եւ հաղորդած՝ Շրջանային խորհուրդի նախագահ Լօռան Վոքիէի ուղերձը, թէ վերջինս պատրաստ է անձամբ այցելելու Հայաստան եւ ստորագրելու երկու տարածքային միաւորներու միջեւ համագործակցութեան յուշագիրը։

Կողմերը համաձայնած են այդ ուղղութեամբ շարունակել հետեւողական աշխատանքները։

Վիէնի քաղաքապետն ու իր պատուիրակութիւնը Սեպտեմբեր 19-ին գացած են «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» հիւանդանոց, ուր այցելած են ազերպայճանական վերջին յարձակումներուն վիրաւորուած զինուորները եւ անոնց յայտնած իրենց զօրակցութիւնը։ ■