Search
Close this search box.

ՆԻՒ ԵՈՐՔ – Փաշինեան-Ռայիսի հանդիպում

 

Սեպտեմբեր 22-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՄԱԿ-ի գլխաւոր համաժողովի 77-րդ նստաշրջանի շրջանակին մէջ հանդիպում ունեցած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ:

Վարչապետը մանրամասն անդրադարձած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ  Ազերպայճանի լայնածաւալ յարձակման եւ անոր հետեւանքներուն՝ ընդգծելով այդ երկրի գործողութիւններու դատապարտման, Հայաստանի ինքնիշխան հողերէն հակառակորդի ստորաբաժանումներու հեռացման ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան` այդ կարգին Իրանի համարժէք արձագանգի կարեւորութիւնը: 

Նախագահ Ռայիսի նշած է, որ Իրան ուշադրութեամբ կը հետեւի զարգացումներուն եւ թէ տարածաշրջանի բոլոր խնդիրները պէտք է լուծուին բացառապէս խաղաղ ճանապարհով: Ան ընդգծած է՝ պետութիւններու հողային ամբողջականութեան եւ տարածաշրջանին մէջ սահմաններու փոփոխութեան անթոյլատրելիութեան վերաբերեալ Իրանի դիրքորոշումը, թէ Հայաստանի հետ Իրանի կապը պէտք չէ վտանգի ենթարկուի: “Հայաստանի անվտանգութեան հարցը կարեւոր է Իրանի համար”,– ըսած է Ռայիսի։