Սեպտեմբեր 22-ին, ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն՝ ՄԱԿ-ի համաժողովի 76-րդ նիստի շրջածիրին մէջ, հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Մևլիւթ Չաւուշօղլուի հետ, քննարկելով Աֆղանստանի եւ Արցախի մէջ տիրող կացութեանց առնչուող հարցեր:
Լուրը հաղորդող ԹԱՍՍ գործակալութեան համաձայն՝ տեսակցութիւնը տեւած է շուրջ մէկ ժամ։