Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի հետ:
Վարչապետը անդրադարձած է Ազերպայճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ սանձազերծուած լայնածաւալ յարձակման, որու հետեւանքով բռնագրաւուած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներ: Ան ընդգծած է միջազգային հանրութեան, այդ կարգին Եւրոպական Միութեան յստակ ու հասցէական գնահատականի անհրաժեշտութիւնը։
Շառլ Միշէլ իր մտահոգութիւնը յայտնած է հայ-ազերպայճանական սահմանին լարուած իրավիճակի շարունակման վերաբերեալ եւ ընդգծած տարածաշրջանային խնդիրներու՝ խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով կարգաւորման հրամայականը: Եւրոպական խորհուրդի նախագահը վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը` նպաստելու երկխօսութեան ու խաղաղութեան:
Վարչապետ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհ. քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի հետ։
Վերջինս ալ իր կարգին կրկնած է Շառլ Միշէլի խօսքերը, թէ տարածաշրջանային խնդիրները պէտք է լուծուին խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։