Սպանիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ճոն Ինարիթու ազերպայճանական վարչակարգի յաջորդական բարբարոսութիւն որակած է այդ երկրի զինեալ ուժերու կողմէ հայ ռազմագերիներու գնդակահարութիւնը։ Ան՝ դիմելով Եւրոպայի խորհուրդի նախագահուհի Ուրսուլա վոն տեր Լեյէնին Թուիթըր»-ի իր հաշիւին տեղադրած է տեսանիւթը, գրելով հետեւեալը.-
«Եւ ա՞յս մարդիկն են որոնց հետ համաձայնագիր կնքած էք եւ զորս կը նկատէք ձեր վստահելի գործընկերը»։