Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ – Փեսքով «անհեթեթութիւն» որակած է Հայաստանը Միութենական պետութեան կազմին մէջ ներառելու Ռուսաստանի փափաքին մասին Armtimes.am-ի հրապարակումը

 

Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ բանբեր Տմիթրի Փեսքով «անհեթեթութիւն» որակած է հայկական լրասփիւռներու այն հրապարակումը, թէ՝ Ռուսաստան կը փափաքի Հայաստանը ներառել Միութենական պետութեան կազմին մէջ, եւ այդ պատճառով ալ Մոսկուա կը խրախուսէ Պաքուի քայլերը։

Լուրը հաղորդած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը։ “Ո՛չ, սա անհեթեթութիւնն է”,– ըսած է Փեսքով՝ պատասխանելով հարցումին, թէ իրօ՞ք Ռուսաստան նման մտադրութիւններ ունի Հայաստանի նկատմամբ։

Նշենք, թէ Հոկտեմբեր 4-ին «Ինչ է ուզում Ռուսաստանը. ի գիտութիւն Վեհափառ հայրապետի, երեք նախագահների եւ փորձագիտական հանրութեան» վերնագրով յօդուած հրապարակուած է Armtimes.am-ի՝ «Հայկական ժամանակ» օրաթերթի կայքին մէջ։ Յղում ընելով իր «հաւաստի աղբիւր»-ին՝ կայքը, ի միջի այլոց, գրած է.-

«Ռուսաստանի գործողութիւնների իմաստը հետեւեալն է՝ ցոյց տալ Հայաստանի անվտանգային խոցելիութիւնը, որպէսզի վերջինս րոպէ առաջ դիմի «Ռուսաստան-Բելառուս» միութենական պետութեան մաս դառնալու համար։ Այս տրամաբանութիւնը զարգացնելու քայլերը Ադրբեջանի յարձակողականութիւնն է, Հայաստանում տեղակայուած ռուսական զօրքի անշարժութիւնը, Ռուսաստանի քաղաքական անշարժութիւնը եւ Հայաստանին զէնքի մատակարարման պարտաւորութիւնները չկատարելը»։