Օգտուելով Հայաստան գտնուելու կարելիութենէն՝ Արա Գրիգորեանի հետ «Կենսագրական բառարան. Հայերը՝ երէկ եւ այսօր» («Գիրք» հրատարակչութիւն) հատորի համահեղինակ Հրայր Հրաչեան, Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26-ին Երեւանի մէջ կատարեց գիրքի հրապարակային ներկայացումը։
Մայրաքաղաքին կեդրոնը գտնուող՝ հանգուցեալ երգչուհի Լուսինէ Զաքարեանի տուն-թանգարանի՝ դասախօսութեանց գեղեցիկ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, զոր ներկայացուց ու վարեց տուն-թանգարանի տնօրէնուհի Սուսաննա Դաւթեան:
Հրայր Հրաչեան նախ պատմեց ծագումը գիրքին, որ կ՚ընդգրկէ հայ գործիչներու շուրջ 3200 անուն՝ սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը, եւ որ քանի մը տարուան միասնական աշխատանքի արգասիքն է: Ապա նշեց հատորի պատրաստութեան ընթացքին իրենց հանդիպած դժուարութիւնները (տառադարձման խնդիրներ եւ այլն)՝ ընդգծելով անուններու ընտրութեան անաչառութիւնը։
Ներկայացումը ընթացաւ գեղարուեստական ընդմիջումներով, որոնց ընթացքին ելոյթ ունեցան թաւջութակահար Մանուկ Յարութիւնեան, ինչպէս նաեւ երգարուեստի ուսանողուհիներ՝ Անի Գէորգեան, Ալիսա Սահակեան, եւ երիտասարդ Ալբերտը, որոնք զգայնութեամբ եւ տաղանդով մեկնաբանեցին Կոմիտաս վարդապետի ստեղծագործութիւնները: Հրայր Հրաչեան նշեց նաեւ այն աշխատանքը, որ այժմ կը կատարեն գիրքին վրայ՝ բարելաւուած երկրորդ հրատարակութեան եւ թարմացման համար, ուր պիտի աւելցուին 200 օտարներու անուններ, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են Հայաստանի ճառագայթման եւ օգնութեան գործերուն մէջ: Ան խօսեցաւ նաեւ Շաւիլի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ «Թերթիկ» լրատուին մասին,– որու գլխաւոր խմբագիրն է ինք, երկար տարիներէ ի վեր,– ինչ որ յառաջացուց բուռն հետաքրքրութիւն ներկաներուն մէջ, որոնցմէ կարելի է յիշել քաղաքագէտ, փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեանի, Մատենադարանի ձեռագրերու գլխաւոր համադրող Գէորգ Տէր Վարդանեանի, մանկական երգչախումբի տնօրէն Տիգրան Հեքեքեանի, օփերայի երգիչներ Բարսեղ Թումանեանի եւ Յասմիկ Պապեանի, Nouvelles d’Arménie Magazine-ի թղթակից Սեդա Մավեանի, «Սփիւռք» կեդրոնի տնօրէն փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանի, Հայաստանի ազգային գրադարանէն Անի Բանեանի, « Երուանդ Քոչար» թանգարանէն Լալա Քոչարի անունները…
Լուսինէ Զաքարեանի եւ անոր ամուսնոյն՝ Խորէն Պալեանի բնակած տան մէջ տեղի ունեցած այս ներկայացումը աւարտեցաւ ընդհանուր գոհունակութեան մթնոլորտի մէջ, բարեկամական բաժակի մը շուրջ:
Գ. Հ. ■