ՀՀ Մարդկային իրաւանց պաշտպանի (ՄԻՊ) գրասենակէն կը տեղեկացնեն, որ Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութեան հրապարակած «Համացանցի ազատութիւն 2021» զեկոյցին մէջ հիմք ընդունուած են նաև Հայաստանի ՄԻՊ Արման Թաթոյեանի յայտարարութիւնները։
Մասնաւորապէս, այնտեղ յղում կատարուած է 2020 Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներու պատերազմին ՀՀ մարդկային իրաւանց պաշտպանին ա՛յն յայտարարութեան, որով ծնողներուն և երախաներուն կոչ կ՚ըլլար չափազանց զգուշ ըլլալ ընկերային ցանցերէն օգտուելու ժամանակ եւ խուսափիլ յատկապես TikTok-էն՝ վկայակոչելով թրքական եւ ազէրպայճանական աղբիւրներէն տարածուող բռնութեան կոչերը:
Շատ կարեւոր է նաեւ Freedom House-ի զեկոյցին մէջ օգտագործումը՝ 2020-ի տարեվերջին ազէրպայճանական եւ թրքական աղբիւրներէն տարածուող ատելութեան խօսքի վերաբերեալ Հայաստանի եւ Արցախի Մարդկային իրաւանց պաշտպաններու միացեալ զեկոյցին, ըստ որուն՝ Դիմագիրք, Թուիթըր ու Թիք-Թոք ցանցերու մէջ կը հնչեն սպանութիւններու, խոշտանգումներու, անմարդկային վերաբերումի և մշակութային ժառանգութեան վայրերու ոչնչացման կոչեր։
Freedom House-ը իր զեկոյցը կազմելու ատեն նկատի առած է նաեւ պատերազմի ու ռազմական դրութեան ժամանակ կիրարկուած սահմանափակումները, որոնց մասին անցեալ տարի իր քննադատական դիրքորոշումներով նոյնպէս հանդէս եկած էր Արման Թաթոյեան։ ■