Նոյեմբեր 15-ին Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ պիտի քննարկուի Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներէն Ազերպայճանի զինուած ուժերու անյապաղ նահանջին, 2020 Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի մասին համաձայնագրի պահպանման եւ Ազերպայճանի դէմ պատիժներ սահմանելու կոչ ընող բանաձեւը:
Ստորեւ սոյն բանաձեւին կարեւորագոյն քանի մը կէտերը.-
[Բանաձեւը]՝
– Խստօրէն կը դատապարտէ 2022 Օգոստոսի սկիզբը Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտին կապող Լաչինի միջանցքին մէջ Ազերպայճանի ռազմական նոր յարձակումը եւ 2022 Սեպտեմբեր 13-ին եւ 14-ին Հայաստանի հանրապետութեան տարածքի հարաւային եւ հարաւ-արեւելեան շրջաններուն դէմ կրկնուած ռազմական գործողութիւնները, որոնք խախտեցին անոր ինքնիշխանութիւնը, ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը;
– Կոչ կ՚ընէ անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիները;
– Կառավարութեան կ՚առաջարկէ վճռականօրէն աշխատիլ, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը դիմէ Միջազգային պատժական դատարան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին դէմ Ազերպայճանի յարձակման, ինչպէս նաեւ զանգուածային եւ ռազմական ոճիրներու հետաքննութեան կապակցութեամբ։
– Կառավարութեան կ՚առաջարկէ քննարկել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական գրասենեակ ստեղծելու կարելիութիւնը;
– Կոչ կ՚ընէ կառավարութեան անհրաժեշտ գնահատականը տալու՝ այս նոր յարձակումներուն պատճառած դիւանագիտական եւ տնտեսական բոլոր հետեւանքներուն, ու եւրոպացի իր գործընկերներուն հետ դիմելու ամէնէն խիստ համապատասխան միջոցներուն՝ ներառեալ Ազերպայճանի ղեկավարներու ունեցուածքի «սառեցման» եւ Ազերպայճանէն կազի ու նաւթի ներածման արգելքին՝ պատժելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին դէմ ազերպայճանական ուժերու սանձազերծած ռազմական գործողութիւնները:
– Կոչ կ՚ընէ կառավարութեան անյապաղ դիմելու բոլոր նախաձեռնութիւններուն՝ երաշխաւորելու համար հայ բնակչութեան եւ Հայաստանի անվտանգութիւնը միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ, եւ այդ նպատակով պահանջել՝ միջնադիր ուժերու տեղակայումը, միջազգային հանրութեան հովանիին ներքոյ։
– Անգամ եւս կը վերահաստատէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման եւ այդ ճանաչումը բանակցութիւններու գործիք դարձնելու անհրաժեշտութիւնը՝ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով։