Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան ղեկավար Ռուբէն Ռուբինեան, Վեհաժողովի պատուիրակութեան անդամներ՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Վլատիմիր Վարդանեան, Արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Էդուարդ Աղաջանեան, երեսփոխաններ Սոնա Ղազարեան, Արուսեակ Ջուլհակեան, Արմէն Գէորգեան, Արմէն Ռուստամեան եւ Հայկ Մամիջանեան կը մասնակցին Սթրազպուրկ ընթացող Վեհաժողովի նստաշրջանի աշխատանքներուն:
Հոկտեմբեր 10-ին քննարկուած են Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ տեղի ունեցող ռազմական գործողութիւններուն, ներառեալ բնակավայրերու եւ քաղաքացիական ենթակառոյցներու վրայ յարձակումներուն առնչուող հարցեր:
Քննարկման ժամանակ իռլանտացի երեսփոխան Փօլ Կեվըն յայտարարած է, թէ անընդունելի է, որ երկիր մը ներխուժէ դրացի պետութեան ինքնիշխան տարածք։ Ան ընդգծած է, որ ռազմական գործողութիւնները տեղի ունեցած են Հայաստանի տարածքին մէջ։ “Աւելի՛ն, հարուածներ հասցուած են բնակավայրերուն եւ քաղաքացիական ենթակառոյցներուն։ Այդ ամէնը փաստագրուած է: Հարուածներ հասցուած են Ջերմուկին, ուր կան բազմաթիւ բնակավայրեր եւ զբօսաշրջային շինութիւններ, ինչպէս նաեւ ճոպանուղին։ Վնասուած է 200 տուն եւ քաղաքապետարանի շէնքը, տեղահանուած են հազարաւոր մարդիկ: Ազերպայճան չի հերքեր այդ հարուածները, բայց Հայաստանը կ՚ամբաստանէ գրգռութիւններ հրահրելու մեղադրանքով, որ դարձեալ անընդունելի է”,– շեշտած է իռլանտացի երեսփոխանը։
ԵԽԽՎ-ի մէջ Ֆրանսայի պատուիրակ.–
«Ազերպայճան պէտք է իր զօրքերը դուրս բերէ Հայաստանի տարածքէն»
ԵԽԽՎ-ի նիստին, ֆրանսացի պատուիրակ, ծերակուտական Ժագ լը Նեյ ելոյթ ունենալով նշած է, թէ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը պէտք է յարգուի, եւ Ազերպայճան պէտք է իր զօրքերը ետ քաշէ հայկական տարածքէն՝ համաձայն 2020 Նոյեմբեր 10-ի հրադադարի պայմանագրին։
Նեյ դատապարտած եւ անընդունելի համարած է ուժի կիրարկումը։ Անդրադառնալով ազերի յատուկ ջոկատներու կողմէ հայ զինուորները գնդակահարելու տեսանիւթին՝ ան կոչ ըրած է հետաքննելու եւ պատասխանատւութեան ենթարկելու բոլոր յանցաւորները, որոնք կը խոշտանգեն ու կը սպանեն անզէն հայ զինուորները։
“Միջազգային հանրութիւնը չի կրնար անտարբեր մնալ տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին նկատմամբ։ Եւրոպական Միութիւնը, Միացեալ Նահանգները, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանն ու Թուրքիան պէտք է միասին աշխատին այս հակամարտութիւնը կարգաւորելու համար։ Սակայն միջազգային հանրութիւնը պիտի չկարողանայ համախմբուիլ Ուքրաինայի պատերազմի լոյսին տակ, որ իր հետեւանքները ունի Հայաստանի եւ Ազերպայճանի համար։ Ի վերջոյ, Ռուսաստան աւելի քան երբեք մեկուսացուած է, պատրաստ չէ նպաստելու քննարկումներուն։ Հետեւաբար, մենք պէտք է իրազեկ դարձնենք եւ տեղեկացնենք՝ ի շահ տարածաշրջանի խաղաղութեան”,– ընդգծած է Ժագ լը Նեյ։
Հայ ռազմագերիներու գնդակահարութեան տեսանիւթին գծով՝
Պուրիչի նամակը Պայրամովին
Եւրոպայի խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարուհի Մարիա Փեյչինովիչ Պուրիչ նամակ մը յղած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամովին` խնդրելով մանրամասն եւ ճշգրիտ տեղեկութիւն տրամադրել՝ Հայ ռազմագերիներու գնդակահարութեան տեսանիւթին հարցով Ազերպայճանի իշխանութիւններու ձեռնարկած քայլերուն մասին։
Պուրիչի նամակը հրապարակուած է Եւրոպայի խորհուրդի կայքին վրայ։
«Նկատի առնելով վերջերս ստացուած տագնապալի եւ սարսափելի հաղորդումները՝ ես պարտաւոր եմ ձեր նախարարութենէն պահանջել մանրամասն եւ ճշգրիտ տեղեկատւութիւն Մարդկային իրաւանց եւրոպական համաձայնագրի 2-րդ եւ 3-րդ յօդուածներով նախատեսուած մեղադրանքներու մասին ազերպայճանական իշխանութիւններու ձեռնարկած քայլերուն առնչութեամբ»։ …«Կը Խնդրեմ ի գիտութիւն ընդունիլ, որ Եւրոպայի խորհուրդը Մարդկային իրաւանց եւրոպական համաձայնագրին համաձայն այս հարցին գծով հետեւողական պիտի ըլլայ, որպէսզի երաշխաւորէ կազմակերպութեան չափանիշերու նկատմամբ ամբողջական յարգանքը»,– մասնաւորապէս նշուած է նամակին մէջ։