Search
Close this search box.

Իզապէլ Տիւմոն.– «Ազերպայճանական ուժերը պէտք է մեկնին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն»

 

Պապիկեանի հանդիպումը ֆրանսացի դիւանագէտին հետ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Հոկտեմբեր 10-ին հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահի գրասենեակի խորհրդական Իզապէլ Տիւմոնի հետ: Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանուհի Անն Լույօ եւ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան։

Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսայի կառավարութեան՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ազերպայճանի լայնածաւալ յարձակումը խստօրէն դատապարտելուն, ճշգրիտ եւ հասցէական գնահատականներ տալուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն աջակցելուն համար:

Տիկին Տիւմոն վերահաստատած է ֆրանսական կողմին դիրքորոշումը, թէ` ազերպայճանական զինուած ուժերը պէտք է մեկնին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն, իսկ առկայ խնդիրները պէտք է լուծուին բացառապէս խաղաղ ճանապարհով:

Կողմերը քննարկած են նաեւ պաշտպանական բնագաւառին մէջ ֆրանքեւհայկական համագործակցութեան, մասնաւորապէս` Սեպտեմբեր 27-ին Պապիկեանի Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցի ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրագործման առնչուող հարցեր: