Սկսած են Վրաստանի, Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ստորաբաժանումներու տարեկան միատեղ ռազմափորձերը։
Վրաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան համաձայն՝ «Կովկասեան արծիւ 2022» եռակողմ ռազմափորձերու նպատակն է «Վրաստանի, Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ ստորաբաժանումներուն միջեւ կարողութիւններու համակարգումն ու փորձառութեանց փոխանակումը, փոխադարձ գործակցութեան մակարդակի բարձրացումը եւ բազմազգ միջավայրի մէջ հրամանատարութեան ու վերահսկողութեան բարելաւումը»։