Եւրոպական Միութեան երկիրները համաձայնած են Հայաստան ուղարկել քաղաքացիական առաքելութիւն մը, որ պիտի տեղակայուի Ազերպայճանի հետ սահմանի երկայնքին՝ վստահութիւնը ամրապնդելու եւ սահմանազատման նպաստելու համար։ Որոշումը կայացուած է Հոկտեմբեր 11-ին, Քաղաքական եւ անվտանգութեան յանձնաժողովի փակ նիստին։ Լուրը հաղորդած է «Ազատութիւն» լրասփիւռը, յղում ընելով Պրիւսէլի իր դիւանագիտական աղբիւրներուն։
Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ այժմ արդէն կը քննարկուին անոր իրագործման մանրամասնութիւնները՝ քանի՞ հոգի, ո՞ր երկիրներէն եւ ե՞րբ պիտի ժամանեն Հայաստան։
Սոյն առաքելութեան կարեւորութեան մասին Հոկտեմբեր 10-ին խօսած է նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար՝ Եւրոպական խորհրդարանի Պաշտպանութեան հարցերու յանձնաժողովի նիստին։