Search
Close this search box.

Ռայիսի` Ալիեւին.– “Պատմական սահմանի որեւէ փոփոխութիւն կ՚արժանանայ վճռական պատասխանի”

 

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին յստակօրէն հասկցուցած է, որ պատմական սահմաններու, տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքականութեան եւ Իրան-Հայաստան տարանցիկ երթուղիներու որեւէ փոփոխութիւն Իրանի կողմէ կ՚արժանանայ վճռական պատասխանի։

«Սփութնիք Արմենիա»-ի համաձայն, այս մասին հաղորդած է Իրանի նախագահի գրասենեակէն Մոհամմատ Ճամշիտի։

“Կը մերժենք նաեւ որեւէ պատրուակով եւրոպական ռազմական ներկայութիւն։ Արեւմուտքը չի կրնար մեզ շեղել Իրանի ժողովուրդի ռազմավարական շահերէն։ Մենք եւրոպական ռազմական ներկայութիւն եւ միջազգային սահմանի փոփոխութիւն չենք հանդուրժեր”,– յայտնած է Ճամշիտի։ ■