Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՆԻՒ ԵՈՐՔ – ՄԱԿ. Փաշինեան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն.- “Այսօր ոեւէ Հայ չ՚ապրիր ու չի կրնար ապրիլ Ազէրպայճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ”

Վարչապետ Փաշինեան, Սեպտեմբեր 24-ին, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 76-րդ նստաշրջանի իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին ազէրպայճանական բանակին գործած միջազգային չափանիշերու բազմաթիւ կոպիտ խախտումներուն, ինչպէս նաեւ խօսած է Ազէրպայճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ հայ ժողովուրդի ցեղային զտման ենթարկման մասին:

“2020 թուականի աշնան Լեռնային Ղարաբաղը ենթարկուեցաւ յարձակման: Քառասունչորս օր տեւած պատերազմը խլեց քանի մը հազար կեանք: Լեռնային Ղարաբաղի տասնեակ հազարաւոր բնակիչներ տեղահանուեցան: Յարձակումը կ՚ուղեկցուէր ազէրպայճանական զինուած ուժերուն կողմէ միջազգային չափանիշերու բազմաթիւ կոպիտ խախտումներով, ներառեալ՝ քաղաքացիական բնակչութեան եւ կենսական ենթակառոյցներու դիտաւորեալ թիրախաւորմամբ, ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական պատանդներու արտադատական մահապատիժ­ներով, անոնց նկատմամբ կիրարկուող խոշտանգումներով եւ բազմաթիւ այլ փաստագրուած յանցագործութիւններով։ Այս գործողութիւններուն հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի այն հատուածներուն մէջ, որոնք յայտնուած են Ազէրպայճանի վերահսկողութեան ներքոյ, հայ ժողովուրդը ենթարկուած է ամբողջական ցեղային զտման։ Ցաւօք, միջազգային հանրութիւնը այս անգամ եւս չկրցաւ կանխարգիլել զանգուածային ոճրագործութիւնները։ Այսօր ոեւէ Հայ չ՚ապրիր եւ գործնականին մէջ չի կրնար ապրիլ Ազէրպայճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ”,- ըսած է ՀՀ վարչապետը:

Ան յիշեցուցած է, որ Ռուսաստանի միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ կանգնեցնել արիւնահեղութիւնը։

“Նոյեմբեր 9-ին ստորագրուեցաւ հրադադարի եռակողմ յայտարարութիւն։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաստատուեցան Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժեր, որոնք այսօր կը հանդիսանան այնտեղ կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման երաշխիքը”,– աւելցուցած է Փաշինեան: