Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Human Rights Watch.– «Հայ գերիներու սպանութիւնը սարսափելի յանցագործութիւն է»

 

Human Rights Watch միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը վերլուծած է այս տարուան Սեպտեմբերին ազերպայճանական յատուկ զինուորական ջոկատին կողմէ հայ ռազմագերիներու սպանութեան տեսանիւթը, զայն գնահատելով ռազմական յանցագործութիւն։

Կազմակերպութիւնը նշած է, որ Ազերպայճանի իշխանութիւնները պէտք է երաշխաւորեն՝ երկրին դատախազութեան կողմէ յայտարարուած հետաքննութիւնը, որ պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկէ բոլոր յանցաւորները:

“Յանձնուող զինուորներու սպանութիւնը սարսափելի ռազմական յանցագործութիւն է”,– նշած է Human Rights Watch-ի Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տնօրէն Հիւկ Ուիլիամսըն:

“Ազերպայճանի իշխանութիւնները սկսած են հետաքննութիւն, որ ոչ միայն պատասխանատւութեան պէտք է ենթարկէ յանցաւորները, այլ նաեւ՝ պէտք է դառնայ առանցքային տարր, որպէսզի նման վրդովեցուցիչ արարքներ այլեւս երբեք տեղի չունենան”,– ըսած է ան: