Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Էրտողան երախտագիտութիւն յայտնած է իրենց ցաւակցած բարեկամ երկիրներուն, որոնց կարգին՝ Հայաստանին

 

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան շնորհակալութիւն յայտնած է Պարթըն քաղաքի ածխահանքի պայթումին հետեւանքով արձանագրուած զոհերուն կապակցութեամբ ցաւակցութիւն յայտնած երկիրներուն, որոնց կարգին՝ Հայաստանին։ Ան Թուիթըրեան իր էջին հրապարակած է ցաւակցութիւն յայտնած երկիրներուն դրօշները։

Նշենք, թէ Հայաստանէն Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Քաղաքացիական պայմանագիր խմբակցութեան երեսփոխան Արսէն Թորոսեան փութացած են ցաւակցելու թրքական իշխանութիւններուն։