ՄՈՍԿՈՒԱ. Արմէն Ջիգարխանեանի թատրոնը այսուհետեւ արուեստագէտին անունով պիտի կոչուի

Սեպտեմբերի վերջին, Արմէն Ջիգարխանեանի հիմնադրած Մոսկուայի դրամատիկական թատրոնը, հանդիսաւոր արարողութեամբ կը վերանուանուի՝ «Արմէն Ջիգարխանեանի յառաջընթացի բեմ»:

“Նախկին թատրոնի շէնքին կը վերադարձուի իր պատմական անունը՝ «Յառաջընթաց»։ Ամէնէն կարեւորը Ջիգարխանեանի անունը պահպանելն է”,- նշած է թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարը: